logo_eng
A+ R A-

myrtis

E-mail Print PDF

Myrtis has been named “friend of the United Nations”
Her message to the world leaders


Myrtis died of typhoid fever during the plague which hit Athens in the middle of the 5th Century BC. Typhoid fever is even today -2.500 years after- the cause of death for 500.000 to 700.000 people every year. Moreover, each year nearly nine million children under five are losing their lives from typhoid fever and other diseases that can be prevented and treated.

For this reason, the United Nations Regional Information Centre (UNRIC) “asked” Myrtis to become a friend of the UN Millennium Development Goals and join, in her own unique way, the United Nations world campaign "We can End Poverty".

This is how Myrtis became a friend and supporter of the United Nations. She “assumed” her duties without delay by sending a message to world leaders who attended the UN Millennium Development Goals Summit of September 2010.

So, Myrtis is not any longer only “face to face with the past” but also “face to face with the future of humanity”.

 

 

myrtis_language_l

«Անունս Մի՛րթիս է, որ սակայն իրական անունս չէ: Այս անունը տրուեցաւ ինծի հնագէտներէն, որոնք 1994ի եւ 1995ի միջեւ ոսկորներս գտան 150 այլ կմախքներու կողքին, Աթէնք գտնուող խմբային գերեզմանի մը մէջ, Քերամիքոյի շրջանէն ներս:

 

Կը նմանիմ 21րդ դարու աղջնակի, կը վստահեցնեմ ձեզ սակայն, որ տասնըմէկ տարեկան երեխայ մըն եմ, որ ապրեցաւ ու մահացաւ Աթէնքի մէջ՝ Քրիստոսէ առաջ 5րդ դարուն:

Ինչպէ՞ս ուրեմն պատմական Աթէնքէն երեխայ մը կրնայ դառնալ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ,,Հազարամեակի բարեկամ,,:

 

Գիտնականները վստահ են թէ Քրիստոսէ առաջ 430ի եւ 426ի միջեւ տեղի ունեցած Պեղոպոնէզեան պատերազմի ընթացքին Աթէնքը հարուածած ժանտախտի զոհերէն մէկն էի: Գիտեն նաեւ թէ մահուանս պատճառը ժանտատենդն  էր, նոյն հիւանդութիւնը որ մահուան առաջնորդեց Աթենացի քաղաքագէտ Պերիկլէսը եւ քաղաքի այդ ժամանակի բնակիչներուն գրեթէ մէկ երրորդը: Կ’ըսուի նաեւ, որ համաճարակը պատճառ դարձաւ Աթէնքի վերջնական պարտութեան Սբարթիէն՝ Պեղոպոնէզեան պատերազմի օրերուն:

 

Գանկս գտնուեցաւ անսովորաբար լաւ վիճակի մէջ եւ այս իրողութիւնը ներշնչեց Աթէնքի համալսարանի դասախօս Մանօլի Բաբաղրիղորաքին որ ձեռնարկեց դէմքիս վերակազմութեան, մասնագէտներու գործակցութեամբ: Հոս եմ ուրեմն: Անոնց ջանքերու արդիւնքը կրնաք տեսնել լուսանկարէս. գրեթէ այն եմ ինչ որ էի մահուանս օրը:

 

Դասախօս Մանօլիս Բաբաղրիղորաքիս կը հաւատար թէ ,,վերակենդանացումս,, միայն Աքրոբոլիսի ստորոտը խաղացող աղջկայ մը դէմքը տեսնելու առիթը պէտք չէր ըլլար մարդոց համար, երբ Աթենացիները Բարթենօնը կը ստեղծագործէին, այլ կ’ուզէր նաեւ որ ,,վերադարձս,, շռնդալից պատգամ մը ղրկէր աշխարհին ու աշխարհի ղեկավարներուն:

Մահս անխուսափելի էր: Քրիստոսէ առաջ 5րդ դարուն մենք չէինք տրամադրեր ո՛չ գիտելիքները ո՛չ ալ միջոցները մահացու հիւանդութիւններուն դէմ պայքարելու համար: Դուք սակայն 21րդ դարու մարդիկ, որեւէ պատճառաբանութիւն չունիք: Ձեր տրամադրութեան տակ կը գտնուին անհրաժեշտ բոլոր միջոցները եւ նիւթական աղբիւրները, փրկելու համար միլիոնաւոր մարդոց, միլիոնաւոր երեխաներու կեանքը, որոնք ինծի նման կը մեռնին հիւանդութիւններէ որ կարելի է կանխել ու բուժել:

 

Մահէս 2.500 տարի ետք, կը յուսամ որ այս պատգամս պիտի ըլլայ ազդու ու պիտի ներշնչէ յաւելեալ թիւով մարդիկ, որպէսզի աշխատին եւ իրականութեան վերածեն ,,Զարգացման հազարամեակի թիրախներ,,ը: Լսեցէք ձայնս. գիտեմ թէ ինչ կ’ըսեմ. մի մոռնաք որ ձեզմէ շատ աւելի տարիքոտ եմ ու հետեւաբար ձեզմէ աւելի իմաստուն»:

 

Մի՛րթիսը կեդրոնական դէմքն է «Մի՛րթիս՝ դէմ յանդիման անցեալին հետ» ցուցադրութեան, որ ծրագրուած ուղեւորութիւն մը սկսած է դէպի Յունաստանի եւ արտասահմանի քաղաքները:

Համաշխարհային Առողջապահական կազմակերպութիւնը կը գնահատէ թէ ժանտախտի պարագաները աշխարհի տարածքին տարեկան 16-էն 33 միլիոնի կը հասնին, որոնցմէ 500էն 700.000ը մահաբեր են: Հինգ տարեկանէն վար գրեթէ ինը միլիոն երեխաներ ամէն տարի կը մահանան հիւանդութիւններէ, որ հնարաւոր է կանխել ու բուժել:

 

Մանուէլ Շ. Ֆարաճեան